«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 44-րդ յաղթանակը` 118-109 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Նիւ Օրլինզին:
Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 40 կէտ մինչ հիւր կազմէն Պրենտըն Ինկրամ` 34 կէտ:
Զեք Լավին թէեւ նշանակեց 41 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, երկու կէտի տարբերութեամբ` 124-122 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն:
Փորթլենտի մէջ Թրէյլ Պլէյզըրզ 118-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հիւր կազմէն` Պոսթըն Սելթիքսէն:
Ճէյսըն Թաթում (Սելթիքս) նշանակեց 36 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեան Թորոնթօ Ռեփթըրզ, ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը տարիներու ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իրենց դաշտերուն վրայ պարտութիւն կրեցին յաջորդաբար Միլուոքի Պաքսէն (108-97) եւ Սաքրամենթօ Քինկզէն (112-94):