«Փրեմիեր Լիկ»> Լիվըրփուլ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` Ուաթֆորտէն… 3-0 Արդիւնքով
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան անցնող շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, որ ցարդ անպարտելի էր, ի վերջոյ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Ուաթֆորտ - Լիվըրփուլ մրցումէն 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Ուաթֆորտ հանդիսացաւ այն խումբը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել իր հիւրը` 3-0 արդիւնքով: Լիվըրփուլի անպարտելիութեան շարքը տեւեց 44 մրցում (29-ը` այս տարեշրջանին): Անոր մարզիչը`...



