Երէկ, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Տղոց երիտասարդներու անհատական ախոյեանութեան 15 տարեկան Գոռ Խաչատրեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` ապահովելով 382 կէտ:
16 տարեկան Գոհար Յարութիւնեան թէեւ 549 կէտ ապահովելով գրաւեց 7-րդ դիրքը, սակայն անոր արձանագրած այս արդիւնքը նկատուեցաւ եւրոպական մրցանիշ` 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի աղջկանց խումբը, որուն մաս կը կազմէին Լիլիթ Մկրտչեան, Արուսեակ Գրիգորեան եւ նոյնինքն Յարութիւնեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 2 մարտին:



