Իտալիոյ մարմնակրթութեան նախարարութեան հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ երկրին մէջ կատարուելիք շարք մը մրցումներ պիտի ըլլան դռնփակ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Կարգ մը մրցումներ արդէն իսկ նախորդ շաբաթավերջին յետաձգուեցան:
Դռնփակ մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ այս շաբաթավերջին կատարուելիք Եուվենթուս – Ինթեր Միլան գագաթի ճակատումը` Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Քալչիօ»-ի գծով:
Դռնփակ պիտի ըլլայ նաեւ վաղը տեղի ունենալիք Ինթեր Միլան – Լուտոկորեց «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցումը:
Նշենք, որ մինչեւ երէկ Իտալիոյ մէջ «Քորոնա»-ին պատճառով մահացան հինգ անձեր, եւ աւելի քան 200 անձեր փոխադրուեցան հիւանդանոց: