Պասքեթպոլ. Ասիա-2021-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան 43 Կէտի Տարբերութեամբ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պահրէյնի Դէմ (116-73)
Երէկ գիշեր Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կատարեց Ասիա-2021-ի բաժակի զտումի մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը` այս անգամ հիւրընկալելով Պահրէյնը: Լիբանան, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Իրաքի (87-68), երէկուան այս մրցումին 43 կէտի մեծ առաւելութեամբ մը յաղթեց իր հիւրին` 116-73 արդիւնքով: Նշենք, որ այսպիսով երկու երկիրներուն պասքեթպոլի պատմութեան մէջ, Լիբանան արձանագրեց իր մեծագոյն յաղթանակը (անցեալին`...



