Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Քրաքերօ Ռիզորթ» միջազգային մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
16 տարեկան պատանի ճատրակ խաղացողը առաջին 6 հանգրուաններուն արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, իսկ վերջին երեքին` նոյնքան հաւասարութիւն:
Ան այսպիսով ամբողջացուց կրանտմասթըրի կոչումը, ինչպէս նաեւ 28 կէտով բարելաւեց իր անհատական մրցանիշը:
Նշենք, որ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները եւս, որոնք լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին, զգալիօրէն բարելաւեցին իրենց անհատական վարկանիշերը: