Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ գերմանական Հոֆընհայմի միջնապահ Սարգիս Ադամեան ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան:
Նշենք, որ ան գերմանական ակումբին հետ վերջին շրջանին մրցումներու չէր մասնակցեր: Ան 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ:
Վիրաբուժութեան ենթարկուելէ կարճ ատեն մը ետք ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուեցան իրմով:
Անոր ակումբը երէկ յայտնեց, որ ֆութպոլիստին համար այս տարեշրջանը աւարտած է:



