Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին Լեչէի դէմ կատարուած մրցումին («Քալչիօ», 25-րդ) ճանչցուեցաւ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս լուրը հաղորդեց անոր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մխիթարեան այս մրցումին նշանակեց կոլ մը եւ դարձաւ կոլի փոխանցման (էսիսթ) հեղինակ:
Իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթեր մեծապէս անդրադարձան անոր խաղարկութեան եւ հմտութեան` գրելով, որ մեծապէս տպաւորուած են այս մարզիկով:
Ըստ կարգ մը մարզաթերթերու, անոր ակումբը ցարդ իր փորձերը չէ դադրեցուցած անոր ստորագրութիւնը Արսենալէն գնելու: