Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Այրոֆլոթ-օփըն» 2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն իրենց կատարած ճակատումներուն հաւասարութիւններ արձանագրեցին Մանուէլ Պետրոսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, միայն Հայկ Մարտիրոսեան պարտուեցաւ:
Այժմ Ա. մրցաշարքին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է Մանուէլ Պետրոսեան (4,5 կէտ), որ առաջին դիրքին վրայ գտնուող մասնակիցէն ետ կը մնայ կէս կէտով:
Բ. մրցաշարքին գծով յաղթանակ արձանագրեց միայն Յովիկ Հայրապետեան: Տիգրան Յարութիւնեան, Աննա Սարգսեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
6-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ, Յարութիւնեան եւ Հայրապետեան 5-ական կէտով յառաջատարներէն են:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 74 ճատրակ խաղացողներ, մինչ անոր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 140 հազար եւրօ: