2018-2019 տարեշրջանին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երեք հազար երկսեռ մարզիկներ:
Այս նախաձեռնութեան արձանագրած յաջողութենէն ետք ֆետերասիոնը պիտի կազմակերպէ 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, որուն պիտի մասնակցին, աւելի քան 4176 երկսեռ մարզիկներ: Մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի ըլլայ շուրջ 350 (10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկան):
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի յոյս յայտնեց, որ այս ախոյեանութիւնը եւս կը պսակուի մեծ յաջողութեամբ: