Երէկ` երեքշաբթի, Լոս Անճելըս Լէյքըրզի «Սթեփըլզ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ակումբին անուանի անցեալի պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի յիշատակին նուիրուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը:
Ուղղաթիռի արկածի իբրեւ հետեւանք մահացած 41 տարեկան Պրայընթի եւ անոր 13 տարեկան աղջկան` Ճիաննայի ոչ հրապարակային, զուտ ընտանեկան յուղարկաւորութիւնը կատարուած էր 7 փետրուարին: Մամուլը այս մասին տեղեակ եղած էր քանի մը օր ետք:
Նշենք, որ ուղղաթիռի արկածը տեղի ունեցած էր 26 յունուարին:
Հրաժեշտի հանդիսութեան ընթացքին յուզիչ ելոյթ մը ունեցաւ, անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Մայքըլ Ճորտըն, որ իր ամբողջ խօսքին ընթացքին լացաւ:
Քոպի Պրայընթի յիշատակը յաւերժ յիշելու խոստումով, հազարաւոր համակիրներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին: Անոնք մարզահամալիրին շուրջ զետեղեցին 33,643 կարմիր վարդեր: Ան, 20 տարուան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին նշանակած էր` նոյնքան կէտ:
Յուզիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Քոպիի կինը` Վանեսսա Լէյն-Պրայընթ: