«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր կը կատարուին կարեւոր ճակատումներ, մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք երթին պարտութիւններ կրեցին:
Այսօր ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) մրցում ունի կատարելիք իտալական Ա. Էս. Ռոման, որ հիւրը պիտի ըլլայ Կենթի (Պելճիքա):
Թէեւ, Ա. Էս. Ռոմա երթին յաղթանակ արձանագրեց Իտալիոյ մէջ (1-0), սակայն երկու կազմերն ալ գրեթէ իրարու հաւասար ըլլալով յոյս ունին հասնելու յաջորդ հանգրուան:
Նշենք, որ Ա. Էս. Ռոմայի մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: