Լիբանանի դահուկարշաւի տղոց եւ աղջկանց խումբը միջազգային բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ 2020-ի փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան գրաւեց երկրորդ դիրքը, անոր մասնակցած 9 երկիրներուն մէջ:
Ռումանիոյ Պրասով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մարզիկով (5 տղաք եւ 4 աղջիկներ):
Հիւրընկալ երկիրը գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Կիպրոս հանդիսացաւ երրորդ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը Լիբանանի համար եղաւ պատրաստուելու շատ լաւ առիթ, մարտին Նորվեկիոյ մէջ կատարուելիք աշխարհի դահուկարշաւի կրտսերներու ախոյեանութեան համար: