Մարզական

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Էսթոնիա-Հայաստան

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Էսթոնիա-Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ ժամանեց Էսթոնիոյ մայրաքաղաք՝ Թալինն, այսօր՝ չորեքշաբթի մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին, այսօրուան այս մրցումը պիտի կատարէ ժամը 21:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Էսթոնիա  ժամանելէն կարճ ատեն մը ետք, ֆութպոլիստնրը կատարեցին իրենց փորձերը: Նշենք, որ նոյն ժամուն...

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կրեց Ծանր Պարտութիւն Մը՝ Շուէտէն

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կրեց Ծանր Պարտութիւն Մը՝ Շուէտէն

Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2021-ի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, կրեց ծանր պարտութիւն մը՝ Շուէտէն, 10-0 արդիւնքով (կիսախաղ՝ 2-0): Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս մրցումէն կարճ ատեն մը ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ՝ Անթոնիօ Ֆլորեսին: Նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարուի շուտով: «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, այս մրցումը...

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան՝ Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեան

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան՝ Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեան

2018-ին Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեան հանդիսացած հայրենի մարզիկ՝ Ֆերտինանտ Կարապետեան, Համպուրկի հետ հանդիսացաւ Գերմանիոյ ակումբներու ախոյեան: Աւարտականի մրցումին, Համպուրկ 7-0 արդիւնքով յաղթեց Վիթեն-Անենին եւ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Կարապետեան, 73 քկ դասակարգին մէջ, յաղթեց հոլանտացի Մաթիես Վան Հարտենին: Նշենք, որ Կարապետեան կը պայքարի Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովելու համար:

Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեանութիւնը Կը Վերսկսի՝ Շաբաթավերջին

Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեանութիւնը Կը Վերսկսի՝ Շաբաթավերջին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին կը վերսկսի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, որ ընդմիջուած էր նախորդ 29 սեպտեմբերին, Արցախի դէմ կատարուած ազերիական յարձակումներուն պատճառով: Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանի մրցումներն էին, որոնք յետաձգուած էին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու:

Գերմանական Ֆութպոլ. Ալապա Հրաժարեցաւ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքել Պայէրնի Հետ

Գերմանական Ֆութպոլ. Ալապա Հրաժարեցաւ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքել Պայէրնի Հետ

Սպանական «Marca» մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ Պայէրն Միւնիխի մաս կազմող աւտրիացի յետսապահ՝ Տաւիտ Ալապա, անգամ մը եւս մերժած է իր ակումբին կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկը, նոր պայմանագրութեան երկարձգման գծով: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Գերմանիոյ ախոյեանը անոր առաջարկած է տարեկան 11 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը: 2011-ին Պայէրնի միացած Ալապա, անոր հետ ստորագրած է մինչեւ յունիս 2021: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, ան նախնական...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ա. դասակարգին Դ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա, որ Դ. հանգրուանի մրցումներուն, Քիեւի մէջ հիւրը եղաւ Ուքրանիոյ, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Վիքթոր Ցիկանքով, 76-րդ վայրկեանին: Նոյն խմբակին մէջ, Գերմանիա, որ հիւրընկալեց Զուիցերիան, անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Այժմ Սպանիա ունի 7...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ իտալական Եուվենթուսի յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստին մօտ թէեւ այդ ժահրին ախտանշանները չկան եւ ան ինքզինք լաւ կը զգայ, բայց եւ այնպէս, ան ինքնամեկուսացումի մէջ է: Ան պիտի բացակայի այսօր տեղի ունենալիք Փորթուգալ-Շուէտ մրցումէն («Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարք), ինչպէս նաեւ իր...

«Հայերը Պատերազմի Դէմ Են, Հայերը Խաղաղութիւն Կ’ուզեն», Ըսաւ Խաչանով

«Հայերը Պատերազմի Դէմ Են, Հայերը Խաղաղութիւն Կ’ուզեն», Ըսաւ Խաչանով

Ռուսիան ներկայացնող հայկական արմատներով արհեստավարժ թենիսմէն՝ Կարէն Խաչանով, անդրադառնալով արցախեան-ազրպէյճանական պատերազմին մասին, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թէեւ ծնած եմ Ռուսիոյ մէջ, սակայն ինչպէս միշտ, դարձեա՛լ կ’ըսեմ, որ հայկական արմատներ ունիմ: Մինչեւ հոգիիս խորքը ցաւ կ’ապրիմ, տեսնելով այն ինչ որ կը պատահի իմ սիրելի երկրիս մէջ: Հայերը չեն սկսած եւ չեն ուզեր այս պատերազմը: Կը զոհուին անմեղ հայեր, որոնց կարգին՝ երեխաներ: Դադրեցուցէ՛ք...

«Անսահման Հպարտ Եմ Ամբողջ Աշխարհի Բոլոր Հայերով», Ըսաւ Եուրա Մովսիսեան

«Անսահման Հպարտ Եմ Ամբողջ Աշխարհի Բոլոր Հայերով», Ըսաւ Եուրա Մովսիսեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Եուրա Մովսիսեան, իր հիացմունքը յայտնեց Լոս Անճելըսի մէջ հայերուն կատարած բողոքի ցոյցին գծով: «Անսահման ուրախ եմ ամբողջ աշխարհի բոլոր հայերով, որոնք մի՛շտ ալ հիանալի օրինակ եղած են բոլորին: Մենք անպարտելի ենք», ըսաւ Մովսիսեան: Նշենք, որ նախապէս, Մովսիսեան դրամահաւաք կազմակերպած էր, աջակցելով հայոց բանակի զինուորներուն: Ան կոչ ուղղեց իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, թէ Լոս Անճելըսի...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Էսթոնիա-Հայաստան Մրցումին Իրաւարաները՝ Փորթուգալէն

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Էսթոնիա-Հայաստան Մրցումին Իրաւարաները՝ Փորթուգալէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ վաղը՝ չորեքշաբթի տեղի ունենալիք Էսթոնիա-Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն: Գլխաւոր իրաւարարն է՝ Լուիս Կոտինիօ: Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. դասակարգին Բ. խմբակին զտումին ծիրին մէջ (4-րդ հանգրուան): Հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, արձանագրած է յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած՝ պարտութիւն մը: Արձանագրուած...

«Altibox Norway Chess»-ի Ճատրակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան «Արմակետոն»-ով Պարտուեցաւ Յառաջատարէն

«Altibox Norway Chess»-ի Ճատրակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան «Արմակետոն»-ով Պարտուեցաւ Յառաջատարէն

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մանակցութիւնը կը բերէ նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Altibox Norway Chess» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 7-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած ճակատումին, սեւ քարերով պարտուեցաւ յառաջատար՝ Ալիռեզա Ֆիրուճայէն: Անոնց միջեւ դասական մրցումը 59-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, սակայն «Արմակետոն»-ի մրցումին յաղթեց իրանցի 17 տարեկան կրանտմասթըր-ը: 7-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Ալիռեզա 14,5 կէտով կը գրաւէ առւջին դիրքը:...

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ՝ 17-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ՝ 17-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաղթանակ արձանագրելով Մայեմիի դէմ, իր պատմութեան մէջ 17-րդ անգամ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրին ախոյեան: Այս 6-րդ մրցումին, անիկա 106-93 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, 4-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին, տիրանալով տիտղոսին: Անիկա վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 2010-ին: Մրցումին լաւագոյն մարզիկը («MVP») ճանչցուեցաւ Լէյքըրզի մաս կազմող՝ Լեպրոն Ճէյմզ, որ...

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական՝ Գերմանիոյ Կրան-Փրի-ին

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական՝ Գերմանիոյ Կրան-Փրի-ին

«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթըն, նախորդ շաբաթավերջին, «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Գերմանիոյ կրան-փրի-ին յաղթականը հանդիսացաւ, արձանագրելով՝ 1:35:49:641 արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մաքս Վերսթափեն, իսկ երրորդ դիրքը՝ Տանիել Ռիքիարտօ: Հեմիլթըն, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով արձանագրեց իր 91-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ հաւասարիլ գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի մրցանիշին: Նշենք, որ Հեմիլթըն, որ վեց անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան,...

Իտալիոյ Մէջ Ֆութպոլի Մրցումները Կրնան Դարձեա՛լ Դադրիլ

Իտալիոյ Մէջ Ֆութպոլի Մրցումները Կրնան Դարձեա՛լ Դադրիլ

«La Gazzetta dello Sport» իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին բազմացման հետեւանքով, շատ հաւանական է, որ մարզական բոլոր տեսակի միջոցառումները դադրին՝ անորոշ թուականով մը: Երկրին առողջապահութեան նախարաը, այս ուղղութեամբ շարք մը ժողովներ ունենալէ ետք երկրին մարզական տարբեր ֆետերասիոններու պատասխանատուներուն հետ, շուտով պիտի հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: Նշենք, որ վերոնշեալ ժահրին պատճառով, արդէն իսկ յետաձգուեցան...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան` 2-2

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան` 2-2

Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Լեհաստանի մէջ մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակին ծիրին մէջ: Մրցումը հազիւ սկսած եւ անոր մեկնարկը տրուելէն 6 վայրկեան ետք, հայրենի կազմը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, երբ Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումէն ետք, Խորէն Բայրամեան նշանակեց կոլ մը: Նշենք, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ ամիս իր նորամուտը նշած...

Մոնթենեկրոյի Բերդապահը Ազրպէյճանի Դէմ Արձանագրուած Յաղթանակը Նուիրեց Հայաստանին

Մոնթենեկրոյի Բերդապահը Ազրպէյճանի Դէմ Արձանագրուած Յաղթանակը Նուիրեց Հայաստանին

Ալաշկերտ Երեւանի եւ Մոնթենեկրոյի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Անտրիժա Տրակոյեւիչ, նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Ազրպէյճանի դէմ` «Ազգերու-լիկա»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Տրակոյեւիչ մրցումէն ետք «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ զետեղեց յատուկ լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր. «Քեզի՛ համար, Հայաստան»: Նշենք, որ Գ. դասակարգի Ա. խմբակին մաս կազմող Մոնթենեկրօ, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ...

Կռփամարտ. Բաչքովի Կրած Յատուկ Շապիկը Նուիրուած՝ Հայ Զինուորին

Կռփամարտ. Բաչքովի Կրած Յատուկ Շապիկը Նուիրուած՝ Հայ Զինուորին

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիր՝ Յովհաննէս Բաչքով, յաղթեց արհեստավարժ ռինկ-ին վրայ իր կատարած առաջին մենամարտին: Արդարեւ, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած յատուկ մրցաշարքի մը ընթացքին, գիւմրեցի մարզիկը ութ ռաունտ-նոց մենամարտին ընթացքին ճակատեցաւ Վենեզուելլան ներկայացնող Սամուէլ Կոնցալեսի դէմ: Իրաւարարներու միաձայն որոշումով, Բաչքով հռչակուեցաւ յաղթական: Իր կատարած այս մենամարտէն ետք, Բաչքով ռինկին վրայ հագաւ յատուկ շապիկ...

Ա. Էս. Ռոմա Նուէրներ Ուղարկեց Պատերազմէն Տուժած Հայ Համակիրներուն

Ա. Էս. Ռոմա Նուէրներ Ուղարկեց Պատերազմէն Տուժած Հայ Համակիրներուն

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, ազնիւ գաղափարը ունեցաւ երբ նուէրներ ուղարկեց պատերազմէն տուժած հայ համակիրներուն: Նշուեցաւ, որ անիկա 117 տուփեր ուղարկած է Հռոմի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատուն, որպէսզի անոնք փոխանցուին հայաստանեան «Ֆան» ակումբին: Այդ օժանդակութիւնները, որոնք կը պարունակեն մարզական համազգեստներ, պիտի յանձնուին Հայաստանի մէջ գտնուող Ա. Էս. Ռոմայի «Ֆան» ակումբին նախագահին, որ բարեգործական նախաձեռնութեամբ դիմած էր իտալական ակումբին: Այս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ախոյեան Ահտի Առաջին Պարտութիւնը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ախոյեան Ահտի Առաջին Պարտութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Ախոյեան Ահտ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով տեղի տուաւ Ախա Ահլի Ալէյի դիմաց: Անսար եւ Նըժմէ յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար՝ Շապապ Պըրժի (2-0) եւ Սալամ Զղարթայի (4-0) դէմ: Շապապ Ղազիէ յաղթեց Թատամոն Սուրի (1-0), Սաֆա՝ Թրիփոլիի (3-0), մինչ Շապապ Սահել-Պըրժ մրցումը աւարտեցաւ՝ 0-0 հաւասարութեամբ: Նշենք, որ...

Փերուի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մաուրա Գեւգէոզեանի 10-րդ Կոլը

Փերուի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մաուրա Գեւգէոզեանի 10-րդ Կոլը

Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումները: Իւնիվերսիատ Քախամարքա, որ հիւրը եղաւ Այաչուչոյին, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւր կազմին կոլը նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Մաուրօ Գեւգէոզեան, 64-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ այս կոլը 34 տարեկան յառաջապահին համար եղաւ 10-րդը՝ ընթացիկ տարեշրջանին ընթացքին: Քախամարքա, այժմ 27 կէտով կը գտնուի դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ:

Page 583 of 1279 1 … 582 583 584 … 1,279

Արխիւներ