Ճատրակ.« Altibox Norway Chess» Միջազգային Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթեց Քարլսընին Եւ Ամբողջացուց Լաւագոյն Եռեակը
Նախորդ շաբաթավերջին, նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ ճատրակի «Altibox Norway Chess» միջազգային մրցաշարքը: Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ 10-րդ եւ աւարտական հանգրուանի մրցումին մրցեցաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի դէմ, 58-րդ շարժումին յաղթանակ մը արձանագրեց: Արոնեան առաջին շրջանին «Արմակետոն»-ով պարտուած էր Քարլսընէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Արոնեան ապահովելով 17,5 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը եւ արժանացաւ 230...




















