Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին կը վերսկսի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, որ ընդմիջուած էր նախորդ 29 սեպտեմբերին, Արցախի դէմ կատարուած ազերիական յարձակումներուն պատճառով:
Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանի մրցումներն էին, որոնք յետաձգուած էին:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու: