Մարզական

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս»

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս»

-Նատալ Տիտղոսակիր՝ 13-րդ Անգամ Ըլլալով -19 Տարեկան Իկա Սվիաթեքի Իրագործումը Երէկ՝ կիրակի, իր աւարտին հասաւ Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց ՝ «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի մրցաշարքը, երբ կատարուեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը: 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, 13-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երբ 6-0, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ: Նշենք, որ այսպիսով Նատալ,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Հիթ Յաղթական՝ Լոս Անճելըսի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Հիթ Յաղթական՝ Լոս Անճելըսի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին՝ Մայեմի Հիթին: Յաղթանակի մը պարագային, Լէյքըրզ պիտի հռչակուէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան, նկատի ունենալով որ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցին: Հիթ, արձանագրելով 111-108 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջողեցաւ արդիւնքը կրճատել՝ 3-2-ի: Յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 35 կէտ,...

Արցախի Փոքրիկները Հանդիպեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Անդամներուն Հետ

Արցախի Փոքրիկները Հանդիպեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Անդամներուն Հետ

Արցախէն ժամանած երեխաներուն համար, Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը պատրաստած էր անկնկալ մը, հանդիպում՝ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մարզիկներուն հետ: Ինչպէս ծանօթ է, որ հաւաքականը կը նախապատրաստուի «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք յառաջիկայ երկու մրցումներուն: Նախքան փորձերուն սկսիլը, ֆութպոլիստները հանդիպեցան իրենց այցելած երեխաներուն, զրուցեցին անոնց հետ եւ ապա, անոնց նուէրներ յանձնեցին: Արցախէն ժամանած հիւրերուն հետ էր նաեւ, Ուրարտուի երկրորդ խումբին...

Միջազգային Ֆութպոլ. Ռամոս Գերազանցեց Քասիասի Մրցանիշը

Ռումանացի Ֆութպոլի Համակիրները Դարձեա՛լ Կ’աջակցին Հայաստանի

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ռումանացի ֆութպոլի համակիրները, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին աջակցող պաստառներ զետեղած են, Պուքրեշի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ դիմաց: Անոնք կը պահանջեն, որ անմիջապէս դադրին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած գործողութիւնները՝ Արցախի դէմ: Նշենք, որ առաջին անգամ չէ, որ անոնք կը զօրակցին հայ ժողովուրդին: 2016-ին տեղի ունեցած Հայաստան-Ռումանիա մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտում), անոնք իրենց հետ...

Ճատրակ. «Altibox Norway Chess»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան  «Արմակետոն»ով Պարտուեցաւ Ֆիրուճայէն

Ճատրակ. «Altibox Norway Chess»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան «Արմակետոն»ով Պարտուեցաւ Ֆիրուճայէն

Նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Altibox Norway Chess» ճատրակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանին, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով պարտուեցաւ իրանցի Ալիրեզա Ֆիրուճայէն: Անոնց միջեւ դասական մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ «Արմակետոն»ին Արոնեան 56-րդ շարժումին պարտութիւն կրեց: Նշենք, որ 5-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է, ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա:  

Թենիս. «Ռոլան-կարոս». Ճոքովիչ Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Թենիս. «Ռոլան-կարոս». Ճոքովիչ Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք ճոքովիչ, ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը, երբ «Ռոլան-կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, 4-6, 6-2, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Փապլօ Քարենօ Պուսթային (17-րդ): Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց՝ 3 ժամ 13 վայրկեան: Կիսաւարտականին, ան կը մրցի Յունաստանի ներկայացուցիչ Շթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ (5-րդ):

Միջազգային Ֆութպոլ. Ռամոս Գերազանցեց Քասիասի Մրցանիշը

Միջազգային Ֆութպոլ. Ռամոս Գերազանցեց Քասիասի Մրցանիշը

  Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ՝ Սերճիօ Ռամոս, Փորթուգալի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին (0-0), իր երկրին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: 82-րդ վայրկեանին, Էրիք Կարսիայի փոխարէն դաշտ ներկայացած Ռէալ Մատրիտի յետսապահը, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին իր դաշտ ներկայացած վայրկեանները հասցուց՝ 13,340-ի: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ՝ Իքեր Քասիասին (13,336):...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան Մրցումին Իրաւարարները՝ Խրուաթիայէն

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան Մրցումին Իրաւարարները՝ Խրուաթիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-Վրաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Խրուաթիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է՝ Իվան Պիպեք: Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայաստանի մէջ տիրող քիչ մը անապահով կացութեան պատճառով, այս մրցումը Երեւանէն տեղափոխուեցաւ Լեհաստան՝«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-յին որոշումով:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Ներկայացուց  Եւրոպական Մրցաշարքերուն Պարգեւավճարները

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Ներկայացուց Եւրոպական Մրցաշարքերուն Պարգեւավճարները

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հրապարակեց եւրոպական երկու՝ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի մրցաշարքերուն 2020-2021 տարեշրջանին պարգեւավճարները: Առաջինին պարագային, բոլոր՝ 32 մասնակցողները պիտի ստանան 15,25-ական միլիոն եւրօ: Աւարտականին հասնողները պիտի ստանան՝ 15-ական միլիոն եւրօ, իսկ տիտղոսակիրը ՝ յաւելեալ 4 միլիոն եւրօ: Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, 48 մասնակիցները պիտի ստանան 2,92-ական միլիոն եւրօ: Աւարտականին հասնողները պիտի ստանան 4,5-ական...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ

Հսկողութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրաստուիլ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարելիք յաջորդ երկու մրցումներուն: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին, յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին կը մրցի Վրաստանի դէմ, իսկ 14 հոկտեմբերին՝ Էսթոնիոյ դէմ: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն, մինչ երկրորդին...

Հայկական Ֆութպոլ. Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Թամփովի

Հայկական Ֆութպոլ. Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Թամփովի

Հայաստանի ֆութպոլին ազգային հաւաքականին յետսապահ՝ Վարազդատ Հարոյեան, երէկ ունեցաւ իր նոր ակումբը: Հարոյեան, որ նախորդ 22 սեպտեմբերին, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց Ուրալի հետ, ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Թամփովի: Իր նոր կազմին հետ, ան պիտի կրէ թիւ 18 մարզաշապիկը: Նշենք, որ 2017-ին Ուրալի միացած Հարոյեան, իր կազմին հետ կատարեց 62 մրցում, նշանակեց 3 կոլ...

Ճատրակ.«Altibox Norway Chess»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեանի Յաջորդական երկրորդ Յաղթանակը

Ճատրակ.«Altibox Norway Chess»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեանի Յաջորդական երկրորդ Յաղթանակը

Նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի, «Altibox Norway Chess»-ի մրցաշարքին 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ լեհ Եան Քշիշթոֆ Տուտայի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը: Անոր մրցակիցը, 61-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտոթիւնը: 4-րդ հանգրուանին, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի իրանցի 17 տարեկան Ալիրեզա Ֆիրուզջանի դէմ:

Միջազգային Ֆութպոլ. Մարիօ Կէօթցէ Միացաւ ՓՍՎ Այնտհովընի

Միջազգային Ֆութպոլ. Մարիօ Կէօթցէ Միացաւ ՓՍՎ Այնտհովընի

2014-ին Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած՝ Մարիօ Կէօթցէ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ՓՍՎ Այնտհովընի (Նիտըրլենտներ), այս գծով յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ Պորուսիա Տորթմունտի նախկին ֆութպոլիստը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: 28 տարեկան յառաջապահը, տորթմունտեան ակումբին հետ 219 մրցումի ընթացքին նշանակեց 45 կոլ:

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց Չորրորդ Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց Չորրորդ Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումը, որ երրորդին նման տեղի ունեցաւ Մայեմի Հիթի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի յաղթանակով, 102-96 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն՝ Լեպրոն Ճէյմզ նշանակեց 28 կէտ, մինչ Հիթէն, Ճիմի Պաթլըր՝ 22 կէտ: Առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Լէյքըրզ, այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցին: Նշենք, որ 5-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Նատալի 100-րդ Մրցումը՝ Ֆրանսայի Բաց Ախոյեանութեան

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Նատալի 100-րդ Մրցումը՝ Ֆրանսայի Բաց Ախոյեանութեան

Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան՝ «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ մրցեցաւ իտալացի Եաննիք Սինների դէմ, 7-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Նատալի համար այս մրցումը՝ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ, եղաւ 100-րդը: Ան արձանագրած է՝ 98 յաղթանակ եւ կրած՝ 2 պարտութիւն: Կիսաւարտականին, Նատալի մրցակիցը պիտի ըլլայ՝ արժանթինցի Տիեկօ Շվարցման (12-րդ), որ...

Հերիխ Մխիթարեանի Բաց Նամակը՝ Փութինի, Թրամփի Եւ Մաքրոնի

Հերիխ Մխիթարեանի Բաց Նամակը՝ Փութինի, Թրամփի Եւ Մաքրոնի

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, բաց նամակով դիմած է Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, կոչ ընելով ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադրին Արցախի վրայ կատարուած զինուորական գործողութիւնները: «Ես արհեստավարժ մարզիկ եմ եւ հպարտօրէն կը ներկայացնեմ իմ երկիրս՝ Հայաստանը միջազգային մակարդակով եւ այսօր ձեզի կը գրեմ...

«Պիտի Յաղթենք, Որովհետեւ Մեր Պայքարը Արդար Է» Ըսաւ Նազիկ Աւդալեան

«Պիտի Յաղթենք, Որովհետեւ Մեր Պայքարը Արդար Է» Ըսաւ Նազիկ Աւդալեան

Աղջկանց ծարաբարձութեան 2009-ի աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկեայ եւ արծաթեայ մետալակիր՝ Նազիկ Աւդալեան, անդրադարձաւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին: Հայրենի կռփամարտիկը կատարեց հետեւեալ յայտարարոթիւնը. «Մեք՝ հայերս կը պայքարինք յանուն հայրենիքի, յանուն քաղաքակրթութեան եւ ոչ թէ տարածաշրջանի մը համար: Այս է մեր տարբերութիւնը: Պիտի յաղթենք, որովհետեւ մեր պայքարը արդար է»:

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան Մրցումը Տեղափոխուեցաւ Լեհաստան

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Վրաստան Մրցումը Տեղափոխուեցաւ Լեհաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին նախատեսուած Հայաստան-Վրաստան մրցումը, որ կ’իյնայ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, պտի չկատարուի երեւանի մէջ: Անիկա տեղափոխուեցաւ՝ Լեհաստան: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտնեց ըսելով, որ հակառակ անոր որ Հայաստանի կառավարութիւնը երաշխիքներ տուաւ մրցումը կայացնելու համար Երեւանի մէջ, սակայն տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը պատճառ դարձաւ, որ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը համաձայն չգտնուի...

Ճատրակ.« Norway Chess»-ի Առցանց Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեանի Անյաջող Մեկնարկը

Ճատրակ.« Norway Chess»-ի Առցանց Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեանի Անյաջող Մեկնարկը

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան անյաջող ձեւով մը սկսաւ «Norway Chess» ճատրակի միջազգային առցանց միջազգային մրցաշարքը: Հայրենի կրանտմասթըր-ին առաջին մրցակիցը եղաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած առաջին՝ դասական մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ անոր յաջորդած արագ մրցումը (Արմակետոն), աւարտեցաւ Արոնեանի պարտութեամբ: Յաջորդ մրցումին եւս Արոնեանի մրցակիցը եղաւ նորվեկիացի մը՝ Արյան Թարին: Արոնեան յաջողեցաւ յաղթել իր մրցակիցին: Նշենք,...

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Չմեկնի Թուրքիա

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Չմեկնի Թուրքիա

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Սկզբունքով, անիկա տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 9-13 հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան): Հայաստան արդէն իսկ չէր ուզած մեկնիլ Պաքու: Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը, երէկ իր գումարած նիստին ընթացքին, անոր նոր վայր ճշդեց Թուրքիոյ Մերսին քաղաքը: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ,...

Page 584 of 1279 1 … 583 584 585 … 1,279

Արխիւներ