Ռուսիան ներկայացնող հայկական արմատներով արհեստավարժ թենիսմէն՝ Կարէն Խաչանով, անդրադառնալով արցախեան-ազրպէյճանական պատերազմին մասին, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Թէեւ ծնած եմ Ռուսիոյ մէջ, սակայն ինչպէս միշտ, դարձեա՛լ կ’ըսեմ, որ հայկական արմատներ ունիմ: Մինչեւ հոգիիս խորքը ցաւ կ’ապրիմ, տեսնելով այն ինչ որ կը պատահի իմ սիրելի երկրիս մէջ: Հայերը չեն սկսած եւ չեն ուզեր այս պատերազմը: Կը զոհուին անմեղ հայեր, որոնց կարգին՝ երեխաներ: Դադրեցուցէ՛ք պատերազմը՝ շատ արագ ձեւով: Հայերը պատերազմի դէմ են, հայերը խաղաղութիւն կ’ուզեն»: