Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մանակցութիւնը կը բերէ նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Altibox Norway Chess» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 7-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած ճակատումին, սեւ քարերով պարտուեցաւ յառաջատար՝ Ալիռեզա Ֆիրուճայէն:
Անոնց միջեւ դասական մրցումը 59-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, սակայն «Արմակետոն»-ի մրցումին յաղթեց իրանցի 17 տարեկան կրանտմասթըր-ը:
7-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Ալիռեզա 14,5 կէտով կը գրաւէ առւջին դիրքը: Անոր ետին, 13 կէտով երկրորդ դիրքը կը գրաւէ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, մինչ լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ նոյնինքն Արոնեան՝ 12 կէտով: