Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2021-ի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, կրեց ծանր պարտութիւն մը՝ Շուէտէն, 10-0 արդիւնքով (կիսախաղ՝ 2-0):
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս մրցումէն կարճ ատեն մը ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ՝ Անթոնիօ Ֆլորեսին: Նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարուի շուտով:
«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, այս մրցումը տեղի ունեցաւ չէզոք դաշտի վրայ, Լեհաստանի մէջ:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Հայաստան 3 կէտով կը գրաւէ 5-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Իտալիա եւ Իրլանտա ունին 16-ական կէտ, Շուէտ եւ Իսլանտա՝ 15-ական, իսկ վերջին դիրքը գրաւող Լուքսամպուրկ՝ 3 կէտ: