Երէկ գիշեր տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ա. դասակարգին Դ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա, որ Դ. հանգրուանի մրցումներուն, Քիեւի մէջ հիւրը եղաւ Ուքրանիոյ, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Վիքթոր Ցիկանքով, 76-րդ վայրկեանին:
Նոյն խմբակին մէջ, Գերմանիա, որ հիւրընկալեց Զուիցերիան, անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այժմ Սպանիա ունի 7 կէտ, 6-ական կէտ ունին Գերմանիա եւ Ուքրանիա, իսկ 2 կէտ ունի Զուիցերիա: