Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Լեհաստանի մէջ մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակին ծիրին մէջ:
Մրցումը հազիւ սկսած եւ անոր մեկնարկը տրուելէն 6 վայրկեան ետք, հայրենի կազմը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, երբ Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումէն ետք, Խորէն Բայրամեան նշանակեց կոլ մը:
Նշենք, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ ամիս իր նորամուտը նշած էր, նշանակեց իր առաջին կոլը` հաւաքականին հետ:
Վրաստան նշանակելով երկու կոլ (46-րդ եւ 74-րդ վայրկեաններուն), մինչեւ 88-րդ վայրկեանը յառաջացաւ 2-1 արդիւնքով:
Սակայն, Հենրիխ Մխիթարեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ փենալթիով նշանակեց 2-2-ի հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ այս կոլը եղաւ անոր 30-րդը` ազգային խումբին հետ:
Հայաստանի հաւաքականին ֆութպոլիստները այս մրցումին մասնակցեցան սեւ թեւակապերով, ի յիշատակ եւ առ ի յարգանք` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած հայ խաղաղ բնակիչներուն ու ազատամարտիկներուն: