Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Եուրա Մովսիսեան, իր հիացմունքը յայտնեց Լոս Անճելըսի մէջ հայերուն կատարած բողոքի ցոյցին գծով:
«Անսահման ուրախ եմ ամբողջ աշխարհի բոլոր հայերով, որոնք մի՛շտ ալ հիանալի օրինակ եղած են բոլորին: Մենք անպարտելի ենք», ըսաւ Մովսիսեան:
Նշենք, որ նախապէս, Մովսիսեան դրամահաւաք կազմակերպած էր, աջակցելով հայոց բանակի զինուորներուն:
Ան կոչ ուղղեց իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, թէ Լոս Անճելըսի եւ թէ ալ ամբողջ աշխարհի տարածքին, միանալու համար այս դրամահաւաքին, որ նուիրուած է հայ զինուորին:
Այդ հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի հայկական բանակին զինուորներուն եւ զոհուած ազատամարտիկներուն ընտանիքներուն: