Սպանական «Marca» մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ Պայէրն Միւնիխի մաս կազմող աւտրիացի յետսապահ՝ Տաւիտ Ալապա, անգամ մը եւս մերժած է իր ակումբին կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկը, նոր պայմանագրութեան երկարձգման գծով:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Գերմանիոյ ախոյեանը անոր առաջարկած է տարեկան 11 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը:
2011-ին Պայէրնի միացած Ալապա, անոր հետ ստորագրած է մինչեւ յունիս 2021:
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, ան նախնական համաձայնութիւն մը կնքած է Եուվենթուսի հետ: