Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, ազնիւ գաղափարը ունեցաւ երբ նուէրներ ուղարկեց պատերազմէն տուժած հայ համակիրներուն:
Նշուեցաւ, որ անիկա 117 տուփեր ուղարկած է Հռոմի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատուն, որպէսզի անոնք փոխանցուին հայաստանեան «Ֆան» ակումբին:
Այդ օժանդակութիւնները, որոնք կը պարունակեն մարզական համազգեստներ, պիտի յանձնուին Հայաստանի մէջ գտնուող Ա. Էս. Ռոմայի «Ֆան» ակումբին նախագահին, որ բարեգործական նախաձեռնութեամբ դիմած էր իտալական ակումբին:
Այս մէկին ի տես, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ Ա. Էս. Ռոմայի 31տարեկան միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց իր ակումբին ղեկավարութեան: