Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումները:
Իւնիվերսիատ Քախամարքա, որ հիւրը եղաւ Այաչուչոյին, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւր կազմին կոլը նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Մաուրօ Գեւգէոզեան, 64-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այս կոլը 34 տարեկան յառաջապահին համար եղաւ 10-րդը՝ ընթացիկ տարեշրջանին ընթացքին:
Քախամարքա, այժմ 27 կէտով կը գտնուի դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ: