Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիր՝ Յովհաննէս Բաչքով, յաղթեց արհեստավարժ ռինկ-ին վրայ իր կատարած առաջին մենամարտին:
Արդարեւ, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած յատուկ մրցաշարքի մը ընթացքին, գիւմրեցի մարզիկը ութ ռաունտ-նոց մենամարտին ընթացքին ճակատեցաւ Վենեզուելլան ներկայացնող Սամուէլ Կոնցալեսի դէմ: Իրաւարարներու միաձայն որոշումով, Բաչքով հռչակուեցաւ յաղթական:
Իր կատարած այս մենամարտէն ետք, Բաչքով ռինկին վրայ հագաւ յատուկ շապիկ մը, նուիրուած՝ Հայ զինուորին:
Շապիկին վրայ գրուած էր. «Հայաստանի պաշտպաննե՛ր, մեր անպարտելի զինուորնե՛ր, մենք կանգնա՛ծ ենք ձեր կողքին»: