Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ իտալական Եուվենթուսի յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստին մօտ թէեւ այդ ժահրին ախտանշանները չկան եւ ան ինքզինք լաւ կը զգայ, բայց եւ այնպէս, ան ինքնամեկուսացումի մէջ է:
Ան պիտի բացակայի այսօր տեղի ունենալիք Փորթուգալ-Շուէտ մրցումէն («Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարք), ինչպէս նաեւ իր ակումբին կատարելիք երկու մրցումէն: