«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ վաղը՝ չորեքշաբթի տեղի ունենալիք Էսթոնիա-Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն: Գլխաւոր իրաւարարն է՝ Լուիս Կոտինիօ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. դասակարգին Բ. խմբակին զտումին ծիրին մէջ (4-րդ հանգրուան):
Հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, արձանագրած է յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած՝ պարտութիւն մը:
Արձանագրուած այդ միակ յաղթանակը եղաւ նոյնինքն՝ Էսթոնիոյ դէմ, Երեւանի մէջ, 2-0 արդիւնքով:
Այժմ Հայաստան 4 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Մակեդոնիա (5 կէտ), իսկ անոր ետին կը գտնուի՝ Վրաստան (5 կէտ): Վերջին դիրքին վրայ է՝ Էսթոնիա (1 կէտով):