«La Gazzetta dello Sport» իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին բազմացման հետեւանքով, շատ հաւանական է, որ մարզական բոլոր տեսակի միջոցառումները դադրին՝ անորոշ թուականով մը:
Երկրին առողջապահութեան նախարաը, այս ուղղութեամբ շարք մը ժողովներ ունենալէ ետք երկրին մարզական տարբեր ֆետերասիոններու պատասխանատուներուն հետ, շուտով պիտի հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը:
Նշենք, որ վերոնշեալ ժահրին պատճառով, արդէն իսկ յետաձգուեցան Ճենովա-Թորինօ եւ Եուվենթուս-Նափոլի «Քալչիո»-յի մրցումները: