Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ ժամանեց Էսթոնիոյ մայրաքաղաք՝ Թալինն, այսօր՝ չորեքշաբթի մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին, այսօրուան այս մրցումը պիտի կատարէ ժամը 21:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Էսթոնիա ժամանելէն կարճ ատեն մը ետք, ֆութպոլիստնրը կատարեցին իրենց փորձերը:
Նշենք, որ նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ նաեւ, Մակեդոնիա-Վրաստան մրցումը (նոյն խմբակ):
Հայրենի կազմէն կը սպասուի երթին նման, այսօր եւս անպայման յաղթանակ մը արձանագրել մրցակիցին դէմ: