Ալաշկերտ Երեւանի եւ Մոնթենեկրոյի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Անտրիժա Տրակոյեւիչ, նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Ազրպէյճանի դէմ` «Ազգերու-լիկա»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Տրակոյեւիչ մրցումէն ետք «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ զետեղեց յատուկ լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր. «Քեզի՛ համար, Հայաստան»:
Նշենք, որ Գ. դասակարգի Ա. խմբակին մաս կազմող Մոնթենեկրօ, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է: