2018-ին Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեան հանդիսացած հայրենի մարզիկ՝ Ֆերտինանտ Կարապետեան, Համպուրկի հետ հանդիսացաւ Գերմանիոյ ակումբներու ախոյեան:
Աւարտականի մրցումին, Համպուրկ 7-0 արդիւնքով յաղթեց Վիթեն-Անենին եւ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:
Կարապետեան, 73 քկ դասակարգին մէջ, յաղթեց հոլանտացի Մաթիես Վան Հարտենին:
Նշենք, որ Կարապետեան կը պայքարի Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովելու համար: