Մարզական

Լիբանանեան Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Լիբանանեան Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին զտումի Ա. փուլի 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ իր կատարած երրորդ մրցումին Սատաքայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Անտաքեթ խումբին դէմ` 7-0 արդիւնքով պարտութիւն կրելով (կիսախաղ` 3-0) դուրս մնաց մրցաշարքէն: Աքքարեան խումբը, որ այսպիսով ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը, գրաւելով Բ. խմբակին առաջին դիրքը, իրեն մրցակից պիտի...

Մարիա Գէորգեան. «Հաւաքուեցաւ 200 Հազար Դրամ, Որ Պիտի Տրամադրուի «Համահայկական Հիմնադրամ»-ին

Մարիա Գէորգեան. «Հաւաքուեցաւ 200 Հազար Դրամ, Որ Պիտի Տրամադրուի «Համահայկական Հիմնադրամ»-ին

Հայրենի կրանտմասթըր Մարիա Գէորգեանի կողմէ կազմակերպուած ճատրակի օրուան առիթով հանգանակուեցաւ 200 հազար դրամ: Ազատութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի բազմակի ախոյեանին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը միայն ու միայն զօրակցութիւն կը յայտնէր հայկական բանակին: Ան շուրջ վեց ժամ տեւողութեամբ միաժամանակ ճատրակ խաղցաւ տասնեակ մասնակիցներու դէմ: «Մասնակցութիւնը վճարովի էր, ըստ փափաքի: Հանգանակուեցաւ ճիշդ 200 հազար դրամ, որ ամբողջութեամբ  պիտի տրամադրուի «Համահայկական հիմնադրամ»-ին` առ ի...

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուին Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր Կը Կատարուին Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, կը կատարուին ութ մրցումներ, չորս տարբեր խմբակներու մէջ: Բաղդատած վաղուան մրցումներուն, այսօրուան ճակատումները պիտի ըլլան բաւական զօրաւոր, թէեւ վաղը տեղի ունենալիք Եուվենթուս-Պարսելոնա հանդիպումը իր վրան պիտի կեդրոնացնէ լուսարձակները: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. խմբակ.- Լոքոմոթիւ Մոսկուա-Պայէրն Միւնիխ (19:55 ) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ-Սալզպուրկ (22:00) Բ. խմբակ.- Շախտիոր...

2022-ի Մոնտիալ.  Եւրոպայի Ցամաքամասին Վիճակաձգութիւնը` 7 Դեկտեմբերին

2022-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Ցամաքամասին Վիճակաձգութիւնը` 7 Դեկտեմբերին

«ՖԻՖԱ»-ին պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Եւրոպայի ցամաքամասին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 դեկտեմբերին, կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ: Զտումի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներէն 13-ը պիտի ապահովեն Քաթարի մէջ կատարուելիք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց տոմսը: Այդ խումբերը պիտի բաժնուին տասը խմբակի. կէսը` 5-ական, իսկ միւս կէսը` 6-ական խումբեր: Իրենց...

Ռոնալտոյի «Քորոնա» Ժահրի Քննութեան Արդիւնքը` Դարձեա՛լ Դրական

Ռոնալտոյի «Քորոնա» Ժահրի Քննութեան Արդիւնքը` Դարձեա՛լ Դրական

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շաբաթ, 24 հոկտեմբերին կատարեց «Քորոնա» ժահրի երկրորդ քննութիւնը, եւ մէկ օր ետք ստացաւ կրկին դրական պատասխան: Այս մասին յայտնեց «tuttosport»-ը: Ան արդէն իսկ 13 օրէ ի վեր ինքնամեկուսացումի մէջ էր: Ռոնալտօ, որ նախանցեալ օր բացակայեցաւ Վերոնայի դէմ տեղի ունեցած 5-րդ հանգրուանի մրցումէն («Քալչիօ»), այսօր եւս քննութեան պիտի ենթարկուի: Եթէ պատահի, որ արդիւնքը...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Կայել Անտոնեան Միացաւ Օպանյը Խումբին

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Կայել Անտոնեան Միացաւ Օպանյը Խումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Կայել Անտոնեան նախորդ շաբաթավերջին միացաւ նոր ակումբի: 25 տարեկան ֆրանսահայ ֆութպոլիստը միացաւ Օպանյը խումբին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Ֆրանսայի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Նշուեցաւ, որ ան այս ակումբին միացաւ` ազատ գործակալի կարգավիճակով: Անտոնեան, որ ծնած է Մարսէյ, փոքր տարիքէն մաս կազմած է անոր պատանեկան խումբերուն: Ներկայ դրութեամբ Անտոնեանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 200 հազար...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթական` «Քլասիքո»-ի Մրցումին

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթական` «Քլասիքո»-ի Մրցումին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումը եղաւ Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ ճակատումը, որ 2020-2021 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքո»-ն է: «Քամփ-Նու»-ի մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումին յաղթականը եղաւ ֆրանսացի Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, որ յաջողեցաւ արձանագրել 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆետերիքօ Վալվերտէ (5-րդ), Սերճիօ Ռամոս (63-րդ` փենալթիով) եւ Լուքա Մոտրիչ (90-րդ): Իսկ Պարսելոնայի միակ կոլը նշանակեց...

«Փրեմիեր-Լիկ».  Լիվըրփուլ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Շեֆիլտ Եունայթըտի Դէմ

«Փրեմիեր-Լիկ». Լիվըրփուլ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Շեֆիլտ Եունայթըտի Դէմ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Լիվըրփուլ, որ իր դաշտին` «Էնֆիլտ»-ի մէջ հիւրընկալեց Շեֆիլտ Եունայթըտին, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով: Հիւր կազմը եղաւ մրցումին հաշիւը բացողը, երբ Սանտեր Պերժ 13-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց կոլ մը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, երբ 41-րդ վայրկեանին Ռոպերթօ Ֆիրմինիօ նշանակեց իր կոլը: 64-րդ վայրկեանին Տիոկօ Ժոթայի նշանակած...

Նետըրլենտներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Վենլօ – Այաքս Ամսթերտամ` 0-13

Նետըրլենտներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Վենլօ – Այաքս Ամսթերտամ` 0-13

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Նետըրլենտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն երկրին գործող ախոյեան` Այաքս Ամսթերտամ արձանագրեց բաւական մեծ արդիւնք մը, երբ 13-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով մը վերադարձաւ Վենլոյի դաշտէն (կիսախաղ` 4-0): Այաքսէն հինգ կոլ նշանակեց Լասսինա Թրաորէ (17-րդ, 32-րդ, 54-րդ, 65-րդ եւ 87-րդ): Երկու ուրիշներ տուպլէ իրագործեցին, իսկ մնացեալ երեքը նշանակեցին չորս տարբեր ֆութպոլիստներ: Հիւրընկալ կազմը Բ. կիսախաղը գրեթէ ամբողջութեամբ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ` Յաղթական

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ` Յաղթական

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ եւ փոխախոյեան` Պորուսիա Տորթմունտ, արձանագրեցին տպաւորիչ յաղթանակներ: Պայէրն, որ հիւրընկալեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (10-րդ, 26-րդ եւ 60-րդ): Միւս երկու կոլերը նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (72-րդ) եւ Ժամալ Մուսիալա (91-րդ): Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Պայէրն մնաց...

«Արցախը Հայաստան Է». Պաստառ՝ Յունաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին

«Արցախը Հայաստան Է». Պաստառ՝ Յունաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին

Միջազգային մարզական մամուլը, ինչպէս նաեւ հայկական լրատու աղբիւրներ, երէկ անդրադարձան Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներէն մէկուն ընթացքին մարզադաշտի մը մէջ գրուած յատուկ մեծ պաստառի մը մասին, որուն ընթացքին այդ մէկը պատրաստողները, իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ զինուորին, որ իր մահուան գնով կը պայքարի թուրքին եւ ազերիին դէմ: Այդ պաստառին վրայ գրուած էր. «Արցախը՝ Հայաստան է: Կանգնած ենք ձեր կողքին»:

«ՖԻՖԱ». Հայաստան Մնաց 101-րդ Դիրքին Վրայ

«ՖԻՖԱ». Հայաստան Մնաց 101-րդ Դիրքին Վրայ

Երէկ՝ հինգշաբթի, «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ: Հայրենի կազմը նախորդ հրապարակումէն ետք, կատարեց երկու մրցում, արձանագրելով հաւասարութիւններ՝ Վրաստանի (2-2) եւ Էսթոնիոյ (1-1) դէմ: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ՝ Պելճիքա: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ֆրանսա, իսկ լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ՝ Պրազիլ:

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ա. Էս. Ռոմա Յաղթական. Մխիթարեան՝ Էսիսթ-ի Հեղինակ

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ա. Էս. Ռոմա Յաղթական. Մխիթարեան՝ Էսիսթ-ի Հեղինակ

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով բազմաթիւ ճակատումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա.խմբակին մաս կազմող Ա. Էս. Ռոմա, որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ Եանկ Պոյզին: Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն իտալական կազմը տարաւ վերջական յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ...

Կռփամարտ. Լէոն Հարթի Ճակատումը Թուրք Մրցակիցին Դէմ՝ Յետաձգուեցաւ

Կռփամարտ. Լէոն Հարթի Ճակատումը Թուրք Մրցակիցին Դէմ՝ Յետաձգուեցաւ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ՝ Լէոն Հարթի մենամարտը թուրք մրցակիցին դէմ յետաձգուեցաւ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նշենք, որ հայ կռփամարտիկը, կիսածանր քաշային կարգի «IBO Continental, WBC Asia» ախոյեանութիւններուն գօտիներուն տիտղոսակիրն է: Սկզբունքով այս մենամարտը տեղի պիտի ունենար Գերմանիոյ մէջ, յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին: Իսկ անոր մրցակիցը պիտի ըլլար թուրք Հիւսէյն Չինքարան: Լէոն Հարթ, թէեւ հանդէս կու գայ Գերմանիոյ մէջ, բայց ան կը ներկայացնէ Հայաստանը:

Զիտան Կրնայ Կորսնցնել Գլխաւոր Մարզիչի Իր Պաշտօնը

Զիտան Կրնայ Կորսնցնել Գլխաւոր Մարզիչի Իր Պաշտօնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») Քատիսէն (1-0) եւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցաշարքին Շախտիոր Տոնեցքէն (3-2) իր կրած պարտութիւններէն ետք, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը քննարկէ իր գլխաւոր մարզիչին՝ Զինետտին Զիտանին պաշտօնանկ ընելու հարցը, այս գծով կը յայտնէ սպասական հանրածանօթ «AS» մարզական օրաթերթը: Ներկայ դրութեամբ, կը խօսուի երկու թեկնածուներու մասին, որոնցմէ մէկը կրնայ նշանակուիլ անոր յաջորդը: Անոնք են. արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինի եւ Ռէալ Մատրիտի երիտասարդական...

Լիփփի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լիփփի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչ՝ Մարչելլօ Լիփփի, երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 72 տարեկան Լիփփի, մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1982-ին, իտալական Սամտորիայի երիտասարդական խումբին հետ: Ան եղած է նաեւ, Սիեննայի, Ինթեր Միլանի, Նափոլիի, Աթալանթայի եւ այլ խումբերու մարզիչ:

Լոս Անճելըս Կալաքսիի Համակիրները Աջակցեցան Հայ Ժողովուրդին

Լոս Անճելըս Կալաքսիի Համակիրները Աջակցեցան Հայ Ժողովուրդին

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Մէյճըր-Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Լոս Անճելըս Կալաքսիի համակիրները աջակցեցան հայ զինուորին, որոնք յարձակումի կ’ենթարկուին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ: «Մենք լիուլի կ’աջակցինք մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, անոնց ունեցած այս դժուար պահերուն մէջ: Թուրքերուն եւ ազերիներուն կողմէ կատարուած այս վայրագութիւնները, երբե'ք պիտի չկարենան յաղթել այն մարդոց ոգիին վրայ, որոնց վրայ անոնք կը ճնշեն այժմ: «Արցախը՝ Հայաստան է»,...

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Եանկ Պոյզ-Ա. Էս. Ռոմա

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր՝ Եանկ Պոյզ-Ա. Էս. Ռոմա

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը՝ Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը պիտի ըլլայ զուիցերիական Եանկ Պոյզին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմին մէջ, երէկ Զուիցերիա մեկնեցան 20 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին՝ Մխիթարեան: Նշենք, որ...

Դանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էդգար Բաբայեան՝ Դարձեա’լ Կոլի Հեղինակ

Դանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էդգար Բաբայեան՝ Դարձեա’լ Կոլի Հեղինակ

Դանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հոպրօ, որ հիւրը եղաւ Քոլտինկի, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: 2-0 արդիւնքով ուշացած Հոպրօ, թէեւ կոլ մը նշանակեց, սակայն այդ նշանակուած կոլը խումբը չփրկեց պարտութենէ մը, որ այսպիսով ընդհանուր դասաւորման մէջ նահանջեց 6-րդ դիրք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով՝ 13 կէտ: Հոպրոյի ուշացած կոլը (88-րդ) նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Էդգար Բաբայեան:...

Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Պատժել Փարիզ Սեն Ժերմենը

«Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ն Արգիլեց Իր Մրցաշարքերուն Մրցումներուն Կայացումը՝ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, եւրոպական ֆութպոլի ֆետերասիոններուն կազմակերպութիւնը՝ «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ն, անորոշ թուականով մը արգիլեց իր հովանաւորութեան տակ ակումբներու եւ ազգային խումբերու մակարդակին տակ տեղի ունեցող բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն մրցումներուն կայացումը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Այս որոշումը տրուեցաւ, նկատի ունենալով որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմ տեղի կ’ունենայ: Երկու երկիրներուն ֆութպոլի ֆետերասիոնները, իրենց դաշտերուն վրայ կատարելիք մրցումներուն գծով, չէզոք...

Page 580 of 1279 1 … 579 580 581 … 1,279

Արխիւներ