Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչ՝ Մարչելլօ Լիփփի, երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
72 տարեկան Լիփփի, մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1982-ին, իտալական Սամտորիայի երիտասարդական խումբին հետ:
Ան եղած է նաեւ, Սիեննայի, Ինթեր Միլանի, Նափոլիի, Աթալանթայի եւ այլ խումբերու մարզիչ: