Հայրենի կրանտմասթըր Մարիա Գէորգեանի կողմէ կազմակերպուած ճատրակի օրուան առիթով հանգանակուեցաւ 200 հազար դրամ:
Ազատութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի բազմակի ախոյեանին կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը միայն ու միայն զօրակցութիւն կը յայտնէր հայկական բանակին:
Ան շուրջ վեց ժամ տեւողութեամբ միաժամանակ ճատրակ խաղցաւ տասնեակ մասնակիցներու դէմ:
«Մասնակցութիւնը վճարովի էր, ըստ փափաքի: Հանգանակուեցաւ ճիշդ 200 հազար դրամ, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Համահայկական հիմնադրամ»-ին` առ ի զօրակցութիւն հայոց բանակին:
«Յաղթողներ կամ պարտուողներ չկային: Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցողներուն եւ մեզի հետեւողներուն», ըսաւ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին մաս կազմող Գէորգեան: