Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, եւրոպական ֆութպոլի ֆետերասիոններուն կազմակերպութիւնը՝ «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ն, անորոշ թուականով մը արգիլեց իր հովանաւորութեան տակ ակումբներու եւ ազգային խումբերու մակարդակին տակ տեղի ունեցող բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն մրցումներուն կայացումը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:
Այս որոշումը տրուեցաւ, նկատի ունենալով որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմ տեղի կ’ունենայ:
Երկու երկիրներուն ֆութպոլի ֆետերասիոնները, իրենց դաշտերուն վրայ կատարելիք մրցումներուն գծով, չէզոք դաշտերուն անունները պէտք է որ փոխանցեն «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ին: