Երէկ՝ հինգշաբթի, «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ:
Հայրենի կազմը նախորդ հրապարակումէն ետք, կատարեց երկու մրցում, արձանագրելով հաւասարութիւններ՝ Վրաստանի (2-2) եւ Էսթոնիոյ (1-1) դէմ:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ՝ Պելճիքա: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ֆրանսա, իսկ լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ՝ Պրազիլ: