Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Նետըրլենտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն երկրին գործող ախոյեան` Այաքս Ամսթերտամ արձանագրեց բաւական մեծ արդիւնք մը, երբ 13-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով մը վերադարձաւ Վենլոյի դաշտէն (կիսախաղ` 4-0):
Այաքսէն հինգ կոլ նշանակեց Լասսինա Թրաորէ (17-րդ, 32-րդ, 54-րդ, 65-րդ եւ 87-րդ): Երկու ուրիշներ տուպլէ իրագործեցին, իսկ մնացեալ երեքը նշանակեցին չորս տարբեր ֆութպոլիստներ:
Հիւրընկալ կազմը Բ. կիսախաղը գրեթէ ամբողջութեամբ շարունակեց տասը մարզիկով, երբ Քրիսթիան Քում 52-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Այաքս այսպիսով ապահովեց տարեշրջանի իր 15-րդ կէտը: