Դանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հոպրօ, որ հիւրը եղաւ Քոլտինկի, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
2-0 արդիւնքով ուշացած Հոպրօ, թէեւ կոլ մը նշանակեց, սակայն այդ նշանակուած կոլը խումբը չփրկեց պարտութենէ մը, որ այսպիսով ընդհանուր դասաւորման մէջ նահանջեց 6-րդ դիրք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով՝ 13 կէտ:
Հոպրոյի ուշացած կոլը (88-րդ) նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Էդգար Բաբայեան:
Նշենք, որ նախորդ հանգրուանին եւս Բաբայեան կոլի հեղինակ դարձած էր: