Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Մէյճըր-Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Լոս Անճելըս Կալաքսիի համակիրները աջակցեցան հայ զինուորին, որոնք յարձակումի կ’ենթարկուին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ:
«Մենք լիուլի կ’աջակցինք մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, անոնց ունեցած այս դժուար պահերուն մէջ: Թուրքերուն եւ ազերիներուն կողմէ կատարուած այս վայրագութիւնները, երբե’ք պիտի չկարենան յաղթել այն մարդոց ոգիին վրայ, որոնց վրայ անոնք կը ճնշեն այժմ:
«Արցախը՝ Հայաստան է», նշուեցաւ ակումբին համակիրներուն կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ:
Ակումբին համակիրները նաեւ կոչ ըրին նուիրատուութիւններ կատարել «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին»: