Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով բազմաթիւ ճակատումներ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա.խմբակին մաս կազմող Ա. Էս. Ռոմա, որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ Եանկ Պոյզին:
Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն իտալական կազմը տարաւ վերջական յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 59-րդ վայրկեանին, կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթ-ը (74-րդ):