Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Կայել Անտոնեան նախորդ շաբաթավերջին միացաւ նոր ակումբի:
25 տարեկան ֆրանսահայ ֆութպոլիստը միացաւ Օպանյը խումբին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Ֆրանսայի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Նշուեցաւ, որ ան այս ակումբին միացաւ` ազատ գործակալի կարգավիճակով:
Անտոնեան, որ ծնած է Մարսէյ, փոքր տարիքէն մաս կազմած է անոր պատանեկան խումբերուն:
Ներկայ դրութեամբ Անտոնեանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 200 հազար եւրոյով: