Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումը եղաւ Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ ճակատումը, որ 2020-2021 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքո»-ն է:
«Քամփ-Նու»-ի մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումին յաղթականը եղաւ ֆրանսացի Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, որ յաջողեցաւ արձանագրել 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆետերիքօ Վալվերտէ (5-րդ), Սերճիօ Ռամոս (63-րդ` փենալթիով) եւ Լուքա Մոտրիչ (90-րդ): Իսկ Պարսելոնայի միակ կոլը նշանակեց Անսու Ֆաթի (8-րդ):
Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Ֆաթի գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնցալեսի հաստատած մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ան դարձաւ «Քլասիք»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ խաղացողը, որ կոլ կը նշանակէ (17 տարեկան եւ 359 օրական):
Ռաուլ իր կոլը նշանակած էր, երբ 18 տարեկան եւ 95 օրական էր:
Նշենք, որ այս մէկէն բացի, Ֆաթի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն իր նշանակած 11 կոլերուն շնորհիւ 18 տարեկաններու պատմութեան մէջ յառաջատար է:
Արձանագրելով տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը (վեց մրցումէ)` երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ այժմ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Իսկ մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանի կազմը` Պարսելոնա (կատարած է 5 մրցում), որ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը, 7 կէտով կը գրաւէ 13-րդ դիրքը:
Իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց մատրիտեան քաղաքի երկրորդ խումբը` Աթլեթիքօ, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը Ռէալ Պեթիսը: Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Սուարեզ նշանակեց Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմին երկրորդ կոլը (91-րդ):