Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Լիվըրփուլ, որ իր դաշտին` «Էնֆիլտ»-ի մէջ հիւրընկալեց Շեֆիլտ Եունայթըտին, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով:
Հիւր կազմը եղաւ մրցումին հաշիւը բացողը, երբ Սանտեր Պերժ 13-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց կոլ մը:
Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, երբ 41-րդ վայրկեանին Ռոպերթօ Ֆիրմինիօ նշանակեց իր կոլը:
64-րդ վայրկեանին Տիոկօ Ժոթայի նշանակած կոլին շնորհիւ Լիվըրփուլ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 13-րդ կէտը:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս հաւասարութեան շնորհիւ Շեֆիլտ Եունայթըտ ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին կէտը` նկատի ունենանով, որ անիկա իր կատարած նախորդ հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտուած էր:
Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, իրենց կատարած մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Եունայթըտ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չելսիի հետ, մինչ Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Ուեսթ Համի դաշտին վրայ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Սաութհեմբթըն-Էվըրթըն մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, Էվըրթըն թէեւ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, սակայն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Լիվըրփուլին: