Արհեստավարժ կռփամարտիկ՝ Լէոն Հարթի մենամարտը թուրք մրցակիցին դէմ յետաձգուեցաւ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նշենք, որ հայ կռփամարտիկը, կիսածանր քաշային կարգի «IBO Continental, WBC Asia» ախոյեանութիւններուն գօտիներուն տիտղոսակիրն է:
Սկզբունքով այս մենամարտը տեղի պիտի ունենար Գերմանիոյ մէջ, յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին: Իսկ անոր մրցակիցը պիտի ըլլար թուրք Հիւսէյն Չինքարան:
Լէոն Հարթ, թէեւ հանդէս կու գայ Գերմանիոյ մէջ, բայց ան կը ներկայացնէ Հայաստանը: