Մարզական

Նէյմար` Շուրջ Երեք Շաբաթով Բացակայ

Նէյմար` Շուրջ Երեք Շաբաթով Բացակայ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ Սթանպուլ Պաշաքշեհիրի («Չեմփիընզ-Լիկ») դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) վիրաւորուեցաւ, շուրջ երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը պիտի բացակայի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Նանթի եւ Ռեննի դէմ մրցումներէն, ինչպէս նաեւ Լայփցիկի («Չեմփիընզ-Լիկ») դէմ կատարուելիք ճակատումէն:

Եգիպտացի Առեւտրականը Պատրաստ Է Գնելու Պըրնլին

Եգիպտացի Առեւտրականը Պատրաստ Է Գնելու Պըրնլին

Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ եգիպտացի առեւտրական Մոհամետ Խաշաշի մօտիկ ապագային կրնայ դառնալ անգլիական Պըրնլի ֆութպոլի ակումբին նոր սեփականատէրը: «Sky Sports» կը հաղորդէ, որ անգլիական ակումբը գնելու համար ան պատրաստ է վճարել 200 միլիոն եւրօ: Նշուեցաւ, որ եգիպտացին, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարէ ակումբին նախագահին հետ, ի վերջոյ կրցած է համաձայնութեան գալ անոր հետ:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

- Ահտի Դէմ Սահմանուեցան Կախակայումներ - Շաբաթավերջին` 5-Րդ Հանգրուանի Մրցումները Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի 2020-2021 տարեշրջանի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. դասակարգ.- Շապապ Պըրժ-Շապապ Ղազիէ` 4-1, Շապապ Սահել-Թատամոն Սուր` 1-0, Ախա Ահլի Ալէյ-Սաֆա` 2-0, Նըժմէ-Թրիփոլի` 3-0, Անսար-Ահտ` 3-1 եւ Սալամ...

«ՖԻՖԱ»-ին Նախագահը Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

«ՖԻՖԱ»-ին Նախագահը Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը «ՖԻՖԱ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութեան նախագահը` Ճիաննի Ինֆանթինօ, վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով: Անոր ենթարկուած համապատասխան քննութեան արդիւնքը եղած է դրական: «ՖԻՖԱ»-ին նախագահը տասը օր պիտի մնայ ինքնամեկուսացումի մէջ, որմէ ետք դարձեալ քննութեան պիտի ենթարկուի: Նշուեցաւ, որ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին անոր հետ շփում ունեցած անձերը, իրենց կարգին, պիտի ինքնամեկուսացուին:

Արազ Օզպիլիսի Մարզաշապիկը Աճուրդով Ծախուեցաւ 1025 Տոլարի

Արազ Օզպիլիսի Մարզաշապիկը Աճուրդով Ծախուեցաւ 1025 Տոլարի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուեցաւ 1025 ամերիկեան տոլարի: 30 տարեկան ֆութպոլիստը բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց աճուրդին մասնակցելու համար: «Artsakh Strong» գրութեամբ այս մարզաշապիկին վաճառքը, որ տեւեց քանի մը օր, նուիրուած էր Արցախին, որուն պիտի յատկացուի գոյացած գումարը: Նշենք, որ Ալաշկերտի դէմ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին կատարելիք իր մրցումին համար Փիւնիկ...

Տիգրան Բարսեղեան. «Կոլերս Կը Նուիրեմ Իմ Հայրենակիցներուս»

Տիգրան Բարսեղեան. «Կոլերս Կը Նուիրեմ Իմ Հայրենակիցներուս»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն նշանակեց երկու կոլ, յայտարարութեամբ մը ըսաւ, որ այդ երկու կոլերը կը նուիրէ իր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց կեանքերը կը զոհեն եւ կը պայքարին ազերիներուն եւ թուրքերուն դէմ: Իւրայատուկ եղաւ այն, որ ան իր նշանակած կոլերէն ետք, դառնալով դէպի թրիպիւնները, զինուորական բարեւներով ողջունեց իր համակիրներուն: Նշենք,...

Ֆութսալի «Չեմփիընզ-Լիկ».  Լէոնի Մրցակիցը` Դանիական Կենթոֆթէն

Ֆութսալի «Չեմփիընզ-Լիկ». Լէոնի Մրցակիցը` Դանիական Կենթոֆթէն

Անցնող քանի մը օրերուն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութսալի «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ախոյեան` Լէոն, իրեն մրցակից պիտի ունենայ դանիական Կենթոֆթէ խումբը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 24-էն 29 նոյեմբերի միջեւ, Դանիոյ մէջ:

Մաուրօ Գեւգէոզեան` Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Մաուրօ Գեւգէոզեան` Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Փերուի ֆութպոլի Քլաուսուրայի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն Իւնիվերսիատ Քախամարքա 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պինասիոնալին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան 47-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, իսկ 62-րդ վայրկեանին դարձաւ էսիսթի հեղինակ: Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը Փերուի Ափերթուրայի ախոյեանութեան 19 հանգրուանի մրցումներուն նշանակեց 10 կոլ:

Լիզարազու Խորհուրդ Տուաւ Կրիզմանին` Հեռանալ Պարսելոնայէն

Լիզարազու Խորհուրդ Տուաւ Կրիզմանին` Հեռանալ Պարսելոնայէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Պիզենթէ Լիզարազու յայտարարութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ քաթալոնիական Պարսելոնայի մաս կազմող յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: «Կրիզման տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, որովհետեւ կը փափաքէր խաղալ Լիոնել Մեսսիի կողքին: Սակայն պարզուեցաւ այն բացարձակ իրականութիւնը, որ այդ մէկը չտուաւ իր դրական արդիւնքը: «Այժմ ժամանակն է, որ ան հեռանայ Պարսելոնայէն, որովհետեւ ան չի կրնար շարունակել իր լաւ ելոյթները` այժմու...

Պարսելոնայի Նախագահը  Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Պարսելոնայի Նախագահը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Քաթալոնիական Պարսելոնայի նախագահը` Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, ներկայացուց իր հրաժարականը: Այս մասին տեղեկացուց  ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սպանական մարզական մամուլը անոր հրաժարականին լուրէն առաջ ըսած էր, որ ակումբին անդամները անվստահութիւն յայտնած էին անոր նկատմամբ: Ասկէ մեկնելով` ան հրաժարեցաւ նախագահի իր պաշտօնէն, առանց սպասելու անոնց կողմէ իր հրաժարականին գծով կատարուելիք քուէարկութեան: Ան իր պաշտօնը ստանձնեց 23 յունուար 2013-ին` փոխարինելով Սանտրօ Ռոսելին:

Կաթուզօ Համաձայնութեան Եկաւ Նափոլիի Հետ

Կաթուզօ Համաձայնութեան Եկաւ Նափոլիի Հետ

Իտալական Նափոլի ֆութպոլի խումբին գլխաւոր մարզիչ` Կենարօ Կաթուզօ, նոր պայմանագրութեամբ համաձայնութիւն գոյացուց ակումբի ղեկավարութեան հետ: «Football italia» տեղեկացուց, որ Կաթուզօ Նափոլիի հետ պիտի կնքէ աւելի բարձր աշխատավարձով պայմանագրութիւն մը, իսկ Նափոլի պիտի չկարենայ միակողմանիօրէն խզել իտալացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը գոհ է անոր աշխատանքէն: 42 տարեկան Կաթուզօ, որ 2019-ի վերջերուն ստանձնեց իր պաշտօնը, մինչեւ 2021-ի ամրան պայմանագրութիւն մը...

Լիբանանի Լողարշաւի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Թոնի Նասսար Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի Լողարշաւի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Թոնի Նասսար Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 24 ակումբներէն 18-ին ներկայացուցիչները: Մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 11 անձերն ալ ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ: Նշենք, որ երկրորդ նստաշրջանի մը համար նախագահ վերընտրուեցաւ Թոնի Նասսար:

«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.». Ռուսահայ Էդուարդ Վարդանեան Մեկնեցաւ Արցախ

«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.». Ռուսահայ Էդուարդ Վարդանեան Մեկնեցաւ Արցախ

Խառն մենամարտերուն («ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.») մէջ հանդէս եկող ռուսահայ Էդուարդ Վարդանեան մեկնեցաւ Արցախ: Լուրը հաղորդեց «Sport24» մարզական կայքը: 29 տարեկան մարտիկը յայտնած է, որ Արցախ կը մեկնի հայ բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար: Էդուարդ Վարդանեան ծնած է Երեւան: «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մէջ ան կատարած է 24 մենամարտ եւ արձանագրած 20 յաղթանակ:

Թենիսի Միջազգային Դասաւորում. Ճոքովիչ Կը Մնայ Առաջին. Խաչանով` 18-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիսի Միջազգային Դասաւորում. Ճոքովիչ Կը Մնայ Առաջին. Խաչանով` 18-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած դասաւորման, առաջին տասնեակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ: Իր տրամադրութեան տակ ունենալով 11,740 կէտ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ կը շարունակէ գրաւել առաջին դիրքը: Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, ունի 9850 կէտ: Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ (9125 կէտ): Հայկական արմատներով ռուս թենիսմէն` Կարէն Խաչանով, դիրք մը նահանջելով, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ...

Ռամոս Եւ Ռէալ Մատրիտ Չկրցան Համաձայնիլ

Ռամոս Եւ Ռէալ Մատրիտ Չկրցան Համաձայնիլ

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս եւ ակումբին ղեկավարութիւնը չկրցան իրարու հետ համաձայնութիւն գոյացնել նոր պայմանագրութեան գծով: Այս մասին յայտնեց հանրածանօթ` «Goal.com» կայքը: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, արքայական ակումբը պատրաստ է միայն մէկ տարիով երկարաձգել Ռամոսի պայմանագրութիւնը, սակայն 34 տարեկան ֆութպոլիստը կը պահանջէ երկու տարիով պայմանագրութեան երկարաձգում: Երկու կողմերուն միջեւ նոր պայմանագրութեան գծով բանակցութիւնները այժմ դադրած են: Անոնք պիտի վերսկսին յունուար 2021-ին:...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. 18 Տարեկան Գոռ Մանուէլեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ֆրանսական Ֆութպոլ. 18 Տարեկան Գոռ Մանուէլեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ֆրանսայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նանթ, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Լը Մանսի, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Գոռ Մանուէլեան (18 տարեկան), հակառակ անոր որ դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին, սակայն  յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել: Գոռ Մանուէլեան, որ ծնած է 2002-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Ֆրանսայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան 19 մրցումի...

Անգլիական Ֆութպոլ. Լայսթըր Սիթիի Իւրայատուկ Նուաճումը

Անգլիական Ֆութպոլ. Լայսթըր Սիթիի Իւրայատուկ Նուաճումը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Լայսթըր Սիթի, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Արսենալի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ճէյմի Վարտի, աւարտէն տասը վայրկեան առաջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ խումբը բարձրացաւ 4-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ: Այս յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր նուաճում մը: «Opta Sport»-ի տուեալներուն համաձայն, Լայսթըր Սիթի Արսենալի...

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում.  Հայաստան-Քուէյթ Հանդիպումը Ջնջուեցաւ

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Քուէյթ Հանդիպումը Ջնջուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ 11 նոյեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հայաստան-Քուէյթ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը ջնջուած է: Քուէյթի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, հաշուի առնելով իր երկրին եւ անկէ դուրս հետզհետէ աւելիով տարածուող «Քորոնա» ժահրին պարագան, պաշտօնական նամակով մը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն խնդրած է այդ մրցումը չեղեալ նկատել: Նշուեցաւ, որ քուէյթցիները յոյս յայտնած են, որ երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը...

Իտալական Ֆութպոլ.  Երկու Եղբայրներ Կոլի Հեղինակ` Իրարու Դէմ Կատարուած Մրցումին

Իտալական Ֆութպոլ. Երկու Եղբայրներ Կոլի Հեղինակ` Իրարու Դէմ Կատարուած Մրցումին

1949-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի մրցումներուն երկու եղբայրներ դարձան կոլի հեղինակ` խաղալով իրարու դէմ: Արդարեւ, Պենեվենթօ-Նափոլի 5-րդ հանգրուանի մրցումին հիւրընկալ կազմէն Ռոպերթօ Ինսինյէ 30-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը: Իր կարգին, անոր մեծ եղբայրը` Լորենցօ Ինսինյէ, կոլ մը նշանակեց` ի նպաստ Նափոլիի, 60-րդ վայրկեանին: Մրցումը աւարտեցաւ Լորենցոյի կազմին` Նափոլիի յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով: Նախապէս, առաջին անգամ ըլլալով 4...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Եուվենթուս-Պարսելոնա

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս-Պարսելոնա

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, Է. խմբակին մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երկու կազմերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին: Նոյն ժամուն, սակայն Ը. խմբակին մէջ, Լայփցիկ հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր...

Page 579 of 1279 1 … 578 579 580 … 1,279

Արխիւներ