Պարսելոնա Իր Չորս Ֆութպոլիստներուն Պայմանագրութիւնները Երկարաձգեց
Քաթալոնիական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր չորս ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները երկարաձգեց: Այդ չորս ֆութպոլիստները եղան՝ սպանացի յետսապահ Ժերար Փիքէ, գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթիկըն, հոլանտացի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ եւ ֆրանսացի յետսապահ Քլեման Լենկլէ: 33 տարեկան Փիքէի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024, 28 տարեկան Թեր Շթիկընինը, մինչեւ 2025, 25 տարեկան Լենկլէինը, մինչեւ 2026 եւ վերջապէս, 23 տարեկան Տը...




















