«ՖԻՖԱ»-ին պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Եւրոպայի ցամաքամասին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 դեկտեմբերին, կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ:
Զտումի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներէն 13-ը պիտի ապահովեն Քաթարի մէջ կատարուելիք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց տոմսը:
Այդ խումբերը պիտի բաժնուին տասը խմբակի. կէսը` 5-ական, իսկ միւս կէսը` 6-ական խումբեր:
Իրենց խմբակներուն առաջին դիրքը գրաւողները պիտի ապահովեն 2022-ի Մոնտիալին իրենց տոմսը, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւած տասը խումբերը պիտի մասնակցին փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն: Անոնց պիտի միանան «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին այն երկու խումբերը, որոնք մինչ այդ իրենց յոյսը կորսնցուցած էին Քաթարի իրենց տոմսը ապահովելու:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր: