Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շաբաթ, 24 հոկտեմբերին կատարեց «Քորոնա» ժահրի երկրորդ քննութիւնը, եւ մէկ օր ետք ստացաւ կրկին դրական պատասխան: Այս մասին յայտնեց «tuttosport»-ը:
Ան արդէն իսկ 13 օրէ ի վեր ինքնամեկուսացումի մէջ էր:
Ռոնալտօ, որ նախանցեալ օր բացակայեցաւ Վերոնայի դէմ տեղի ունեցած 5-րդ հանգրուանի մրցումէն («Քալչիօ»), այսօր եւս քննութեան պիտի ենթարկուի:
Եթէ պատահի, որ արդիւնքը ժխտական ըլլայ, ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցումին: